ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
23 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Published - 14 March 2025

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կը շարունակէ մեր երիտասարդները Մայր Եկեղեցւոյ շուրջ պահելու իր եզակի առաքելութիւնը:

Այսօր, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն,  Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ը կը շարունակէ ծառայել համաթեմական տարողութեամբ արդիւնաւորել եւ տարածաշրջանային եւ համահայկական եւ թեմական ձեւաչափերով նորանոր զանազան ծրագիրներ իրականացնել յօգուտ հայ երիտասարդի գործօն մասնակցութեան ծառայական մեր երթին:  Հ.Ե.Հ.Ե.Մ-ի գրասենեակը, իր առջեւ դրուած համաթեմական ծրագիրներէն բացի, մշտապէս պատրաստակամ է աջակցելու աշխարհացրիւ Թեմերու երիտասարդական կեանքի աշխուժացման ու հզօրացման,  որ միաժամանակ յանձնառու է նորանոր ծրագիրներ մշակել եւ հայթայթել բոլորին:

Որպէս Հ.Ե.Հ.Ե.Մ-ի Հոգեւոր Առաջնորդը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կայացած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովի նիստերուն  մասնակցելու նպատակով Հայաստան իր կեցութեան օրերուն, Երկուշաբթի  10 Մարտին, այցելութիւն մը տուաւ Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի կեդրոնական գրասենեակ եւ շահեկան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Թովմա Վրդ. Խաչատրեանին հետ: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ մօտէն հետեւելու ՀԵՀԵՄ-ի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: 

Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբի հանդիպման ընթացքին օրակարգային զանազան նիւթերու կողքին մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի Յուլիս 2-7 2025-ին «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» խորագրով դէպի Հայաստան համահայկական ուխտագնացութեան մասին: Համահայկական Երիտասարդական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս նոյն օրերուն նաեւ  պիտի նշուի Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի հիմնադրութեան յոբելինական 25 ամեակը: Հայաստանի եւ Սփիւռքի Թեմերու երիտասարդութիւնը հրաշալի առիթը պիտի ունենան Ամենայն Հայոց Հայրապետի հովանու ներքոյ համախմբուելու Հայրենի մեր հողին վրայ եւ գօտեպնդուելու մեր հոգեմտաւոր հարստութեամբ:  Ուխտագնացութեան ընթացքին մասնակից ուխտաւոր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները հնարաւորութիւնը պիտի ունենան  հանդիպելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Կաթողիկոսին հետ, այցելելու Հայաստանի զանազան սրբավայրեր եւ հոգեւոր հայրերու հետ «ընտանիք» թեմայի շուրջ խմբային քննարկումներու մասնակցելու:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ եւ Հ.Ե.Հ.Ե.Մ.-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց առ Ամենաբարին Աստուած, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումը կը շարունակէ մեր երիտասարդները Մայր Եկեղեցւոյ շուրջ պահելու իր եզակի առաքելութիւնը: Սրբազան Հայրը գնահատեց Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբի անխոնջ աշխատանքն ու ճիգերը, որոնք կը միտին նորահաս սերունդին մէջ վառ պահել հայրենասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը եւ եղբայրսիրութիւնը:  

Դիւան Առաջնորդարանի

13 Մարտ 2025

Print